2015-05-10 12:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը` ''Սիրենք զիրար ինչպէս Յիսուս սիրեց մեզ''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 10 Մայիս 2015-ի կէսօրին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց ''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

''Ուրախ Լեր'' Մարեմեան աղօթքի ընթացքին կատարած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ  քաղուած է Յովհաննէսի աւետարանի 15-րդ գլուխէն. ''Ահաւասիկ իմ պատուիրանս, սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի''  կ՛ըսէ Յիսուս իր աշակերտներուն ու մտաբերելով խաչն ու չարչարանքները կ՛աւելցնէ ''Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար։ Դուք իմ բարեկամներս էք, եթէ ընէք ինչ որ պատուիրեցի ձեզի''։

Այս բառերը կ՛ամբողջացնեն Յիսուսի պատգամը, առ աւելին կ՛ամփոփեն Անոր բոլոր գործունէութիւնը` ''կեանքը տալ բարեկամներուն համար'', ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ իրեն հետեւելու ճանապարհը որ է սիրոյ ճանապարհ։ Յիսուսի պատուիրանը նոր է որովհետեւ Ինք եղաւ առաջինը որ զայն գործադրեց ու զայն մարմնացուց, սիրոյ օրէնքը մէկ անգամ ընդ միշտ փորագրելով մարդու սրտին մէջ` Սուրբ Հոգւոյն կրակով։

Քրիստոսի այս սէրն է, զոր Սուրբ Հոգին կը դրոշմէ մեր սրտերուն մէջ, որ ամէն օր հրաշքներ կ՛իրագործէ եկեղեցւոյ ու աշխարհի մէջ։ ''Սիրեցէք զիրար ինչպէս ես ձեզ սիրեցի'', մօտիկութեան փոքրիկ արտայայտութիւններ հանդէպ` ծերունիի մը, մանուկի մը, հիւանդի մը եւ կամ միայնակ ու թշուառութեան մէջ ապրող անձի մը` անտուն, անգործ, գաղթական կամ ապաստանեալ...Քրիստոսի այս բառերով է որ մեզմէ ամէն մին կրնայ մօտիկութիւն արտայայտել իրեն հանդիպած եղբայրներուն եւ քոյրերուն –յարեց ապա Սրբազան Հայրը ու հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսի առօրեային մէջ Աստուծոյ հանդէպ սէրը ու սէրը մերձաւորին միացած ըլլան միշտ։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն  ակնարկելով թէ այսօր` Իտալիոյ ու շատ մը այլ երկիրներուն մէջ, կը նշուի Մայրերու օրը`  երախտագիտութեամբ եւ սիրով յիշենք բոլոր Մայրերը ու զանոնք յանձնենք Յիսուսին Մօր – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.